2012-03-20 12:02:40

Իտալիոյ Նախագահն Ու Վարչապետը Իրենց Բարեմաղթութիւնները Կը Յայտնեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ։


Ս. Յովսէփ Աստուածահօր տօնին առթիւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը 19 մարտ 2012ին իր ու Իտալիոյ ժողովուրդին անունով իր բարեմաղթութիւնները ուղղած է։ Նախագահը ընդգծած է որ ս. Յովսէփը շատ սիրելի սուրբ մըն է իտալացի ազգին համար, որուն մէջ կը տեսնէ հայրական շատ սիրելի դիմագիծ մը ու ընտանիքի պաշտպանը։
Նոյնպէս Իտալիոյ վարչապետը որ ծնած է 19 մարտին` 69 տարի առաջ, հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Սրբազան Հօր հետ ու շնորհաւորած է անոր անուան տօնը։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին բարի տարեդարձ մաղթած է վարչապետին յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները, մամուլին յատարարած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը ընդգծելով որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ամբողջ կեանքը ներշնչուած է Ս. Յովսէփ Աստուածահօրմէն որ եղած է խոնարհութեան մեծագոյն տիպարը։ Նշենք որ յառաջիկայ 23 մարտէն սկսեալ սկիզբ կ'առնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Մեքսիքա եւ ապա Գուպա։








All the contents on this site are copyrighted ©.