2012-03-20 12:26:38

Զուիցերիոյ Մէջ Դրամահաւաք Ս. Երկրի Քրիստոնեաներուն Համար։


Չուիցերիոյ Եկեղեցին ամէն տարի Աւագ շաբաթուան առթիւ դրամահաւաք կը կատարէ Ս. Երկրի քրիստոնեայ բնակիչներուն համար։ Այս տարուայ դրամահաւաքին նիւթն է ''Քրիստոնեայ Արեւելքը` ապագայ մը իրենց հայրենիքին մէջ''։ Նշենք որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները շրջանային տագնապի հետեւանքով միշտ աւելի կախում ունին Արեւմուտքի բարոյական ու նիւթական քաջալերանքին։ 2012-ի դրամահաւաքը մասնաւորապէս պիտի նպաստէ իրականացնելու երեք ծրագիրներ. օգնութեան հասնիլ Գահիրէի Միւսքի թաղամասի չքաւոր երախաներուն, օգնութեան հասնիլ Բեթղեհէմի Սալեզեան հայրերու բազմարուեստական դպրոցին եւ սատարել Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի ընկերա-հովուական ծրագիրնրեուն։
Զուիցերիոյ եպիսկոպոսները իրենց այս նախաձեռնութեամբ կ'ուզեն իրենց զօրակցութիւնը յայտնել քրիստոնեայ արեւելքին։ Շնորհիւ մեր աղօթքին ու նուիրատուութեան, կը գրեն եպիսկոպոսները իրենց նամակին մէջ, կ'ուզենք զօրավիգ կանգնիլ տեղական եկեղեցիներու հովուական, ընկերային ու կրօնուսուցման ծրագիրներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.