2012-03-19 12:23:30

Տօն Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ,Պաշտպան Սուրբը Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ Անուան Տօնը Ռաթզինկէր Քահանայապետին։


Այսօր 19 Մարտ Տօնն է Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր (ըստ լատին եկեղեցւոյ) ,եւ Հայրերու Տօնը՝ Իտալիոյ մէջ, ու միաժամանակ այսօր անուանատօնն է Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին որ աւազանի անունով Եոզէֆ կը կոչուի այնպէս ինչպէս յայտարարեց նոյնինքն Նորին Սրբութիւնը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին հաւատացեալներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար լաւագոյնս կատարելու իրեն յանձնուած գործը, խնդրելով մասնաւորապէս աղօթքներ Մեսսիքօ եւ Գուպա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար, զոր սկիզբ կ՛առնէ յառաջիկայ ուրբաթ 23 մարտին։
Սուրբ Յովսէփը աւետարանի մէջ կը ներկայանայ որպէս հաւատքի մարդ։ Սուրբ Յովսէփ վեհանձն սէր ցոյց տուաւ իր հարսին Սուրբ Կոյս Մարիամին ու մեծ հոգատարութեամբ դաստիարակեց մանուկ Յիսուսը։ Սուրբ Յովսէփ միշտ պատրաստակամ եղաւ կատարելու Աստուծոյ կամքը ուրախութեամբ։ Այս առթիւ Ռատիվատիկանի անձնակազմը որդիական ջերմ շնորհաւորութիւններ կ՛ուղղէ Սրբազան Հօր իր անուան Տօնին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.