Վատիկանի Հաւատքի Ժողովը Նոր Կայք Մը Հաստատած Է, Ունենալով Որպէս Նպատակակէտ՜՜Բացուիլ
Նոր Սերունդին՝՝։
Վատիկանի հաւատքի ժողովը նոր կայք մը բացած է (www.doctrinafidei.va) ընդլայնելու համար
իր կապը նոր սերունդին հետ եւ զանոնք աւելի տեղեակ պահելու հաւատքի հայող հարցերուն
մասին։ Հաւատքի ժողովի կայքը այցելողը կարելիութիւն պիտի ունենայ կարդալու Վատիկանեան
Բ Տիեզերական ժողովէն յետոյ հրապարակուած բոլոր փաստաթուղթերն ու մեկնաբանութիւնները,
ինչպէս նաեւ կարտինալ Ռացինեկերի ու կարտինալ Լեվատայի կատարած բոլոր միջամտութիւնները։