2012-03-19 12:23:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ի Լուր Շանուտա Գ Պապին Մահուան։


Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Շանուտա Գ Պապին Մահուան ի լուր Պնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ղպտի եկեղեցւոյ սիւնոդոսին, քահանաներուն ու հաւատացեալներուն իր ուղղած եռագիրին մէջ մեծարեց յիշատակը Շանուտա Գ Պատրիարքին, որ յանձնառումով գործեց քրիստոնեաներու միութեան ի խնդիր։ Ցաւակցական գիրին մէջ Սրբազան հայրը վերակոչեց հանգուցեալ պատրիարքին մայիս 1973-ին մէկ շաբաթ տեւողութեամբ Պօղոս Զ Քահանայապետին կատարած այցելութիւնը Վատիկան։ Ատիկա հանդիսացաւ Ղպտի եկեղեցւոյ առաջին պատրաիարքի մը այցելութիւնը Վատիկան 451 Քաղկեդոնի ժողովէն ի վեր։ Նորին Սրբութիւնը նշեց նաեւ 24 փետրուար 2000-ին Գահիրէին մէջ պատրիարքին հանդիպումը Յովհաննէս Պօղոս Բին հետ։ Հուսկ Սրաբզան Հայրը մատնանշեց որ կաթողիկէ համայն եկեղեցւոյ հաւատացեալները կը մասնակցին ղպտի եկեղեցւոյ վիշտին ու Յարուցեալէն կը խնդրեն որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան։
Շանուտա Գ պատրիարքը 117-րդ յաջորդն է Մարկոս աւետարանիչին։ Ծնած էր Ասիութի մօտ 1923-ին։ Հնախօսութիւն սորված էր Գահիրէի համալսարանին մէջ ապա հետեւած էր աստուածաբանութեան։ Ան Ալ Սուրեան մենաստան մտած էր ու կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած 1955-ին, ապա եպիսկոպոս` 1962-ին ու պատրիարք 1972-ին։ Իր յառաջացած տարիքի բերումով հիւծաց ու ծանրօրէն հիւանդացած 88 տարեկանին հոգին աւանդեց անցեալ շաբաթ 17 Մարտին։ Իր կտակին համաձայն ան պիտի թաղուի Սուրբ Պիշոյի մենաստանին մէջ, որ կը գտնուի, Գահիրէի եւ Աղեքսասնդրիոյ միջեւ գտնուող Նատի Նաթրում անապատական շրջանը։
40 տարիներէ աւելի Ան հովուապետեց Աղեքսանդրիոյ Աթոռը։
Վատիկանի մամլոյ գրասենաեակին տնօրէնը յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոմբարտին ի լուր անոր մահուան, յայտնեց որ կաթողիկէ եկեղեցին կը միանայ ղպտի քրիստոնեաներու վիշտին ու աղօթքին։ Նոյնպէս Եգիպտոսի մահմետական կրօնապետ Ալի Կուման Շանուտա պատրիարքին մահը որակեց որպէս աղէտ մը Եգիպտոսի բոլոր ժողովուրդին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.