2012-03-19 12:42:24

Հալէպի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Մը Պայթումը Երեք Զոհեր կը Պատճառէ, Ներառեալ` Հայ Մը։ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յայտարարութիւնը։


Դամասկոսի մէջ 27 զոհեր եւ 140 վիրաւորներ պատճառած ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումէն մէկ օր ետք, Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիէի թաղամասին մէջ, լատիններու եկեղեցւոյ, նախակրթարանի եւ այլ դպրոցի մը մօտ զետեղուած ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը պատճառած է երեք զոհեր եւ շուրջ երեսուն վիրաւորներ : Զոհուած հայը տիկին մըն է Արաքսի Պետրոսեան: Վիրաւորներուն շարքին եւս հայեր կան: Պայթումը նաեւ մերձակայ շէնքերուն պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ:
Դամասկոսի ականահարումները տեղի ունեցած էին Օմայատներու հրապարակին վրայ եւ Օդային Ապահովութեան շէնքին մօտ: Երկու պայթումներուն զոհերը արժանացան պետական յուղարկաւորութեան: Զոհերուն մեծամասնութիւնը իսլամ եւ քրիստոնեայ քաղաքայիններ էին:
Նշենք, որ Դամասկոս եւ Հալէպ քաղաքները Սուրիական Վարչակարգին զօրակցող ամրոցներ կը նկատուին:
Մինչ այդ, Միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահ Ժէյքըպ Քիլինպըրկըր երէկ Ռուսիա մեկնեցաւ` Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան յայտարարեց, որ միջազգային դէտերու յանձնախումբի կազմութեան հարցը քննարկելու համար պատուիրակութիւն մը Դամասկոս պիտի ուղարկէ: ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի շաբաթ օր վստահեցուց, որ Սուրիա Աննանի հետ գործակցութեան յանձնառու է եւ անոր առաքելութեան յաջողութեան նախանձախնդիր:
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։
Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2012 -Պէյրութ-
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքէջը կը տեղեկացնէ թէ Սուրիոյ մէջ Դամասկոսի եւ Հալէպի պայթումներուն հետեւանքով մեր եկեղեցիները ոչ մէկ նիւթական վնաս ունեցած են: Անոնք հեռաձայնային կապով ապահովցուցին թէ առաջնորդներն ու քահանաները բոլորն ալ լաւ են: Միայն Դամասկոսի մէջ մի քանի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու տուներուն նիւթական վնաս հասած է: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը անցեալ շաբաթ հրապարակեց յատուկ աղօթք մը վասն խաղաղութեան Սուրիոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.