2012-03-18 13:13:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 18 Մարտ 2012, կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն ողջունեց բազմահազար հաւատացեալները որոնք խմբուած էին Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը, լսելու Սրբազան Հօր խօսքը եւ առնելու անոր օրհնութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը նախքան Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանելը, հայրական խօսք մը ուղղեց անոնց, մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը, (Յովհաննէս Գ գլուխ, 14-21 համարները) ուր Յիսուս կ'ըսէ. '' ինչպէս Մովսէս բարձրացուց օձը անապատին մէջ, այնպէս պէտք է որ բարձրանայ մարդու Որդին որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝` չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը։ Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ [մինչեւ անգամ] տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝` չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը։ Քանի որ Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին՝` ո՛չ թէ աշխարհը դատապարտելու, հապա՝` որպէսզի աշխարհը փրկուի անով։ Ա՛ն որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր, իսկ ա՛ն որ չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, որովհետեւ չհաւատաց Աստուծոյ միածին Որդիին անունին։ Սա՛ է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ սիրեցին խաւարը՝ փոխանակ լոյսին, քանի որ իրենց գործերը չար էին։ Որովհետեւ ո՛վ որ չարիք կը գործէ, անիկա կ'ատէ լոյսը եւ չի գար լոյսին քով, որպէսզի չկշտամբուին իր գործերը։ Բայց ա՛ն որ կը կիրարկէ ճշմարտութիւնը՝ կու գայ լոյսին քով, որպէսզի իր գործերը յայտնաբերուին թէ գործուեցան Աստուծմով։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Քառասնորդացի այս շրջանին կը յառաջանանք դէպի Քրիստոսի Յարութիւնը ճանապարհ խաչի միջոցաւ։ Քրիստոսի համար ՜՜խաչը՝՝ դարձաւ գագաթնակէտը իր առաքելութեան։
Յովհաննէս աւետարանիչը կը գրէ ՜՜ինչպէս Մովսէս բարձրացուց օձը անապատին մէջ, այնպէս պէտք է որ բարձրանայ մարդու Որդին որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝` չկորսուի, այլ ունենայ յաւիտենական կեանքը։ Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ [մինչեւ իսկ] տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝` չկորսուի, այլ ունենայ յաւիտենական կեանքը՝՝։
Ս. Օգստինոս այս համարները մեկնաբանելով կը գրէ ''բժիշկը հիւանդին կու տայ դեղը, սակայն եթէ ան չհետեւի բժիշկին խրատին ինքզինք կը կը կործանէ՝՝։ Փրկիչը աշխարհ եկաւ, սակայն եթէ դուն չես ուզեր փրկուիլ, ինքզինքդ կը դատապարտես։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց որ վաղը երկուշաբթի 19 մարտին տօնն է Ս. Յովսէփ աստուահօր, նաեւ իմ անուան տօնն է (աւազանի անունս Եոզէֆ է) ըսաւ ան։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար լաւագոյնս կատարելու ինծի յանձնուած գործը, մասնաւորապէս կը խնդրեմ որ աղօթէք Մեքսիքա եւ Գուպա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար, զոր պիտի սկսիմ յառաջիկայ ուրբաթ օրը։ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան դիմենք, իմ այցելելիք երկրիներուն համար որոնք Տիրամօր կողմէ այնքան սիրուած են ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ . ՜՜Շաբաթ օրը Մարսիլիայի մէջ եզրափակուեցաւ ջուրի համաշխարհային Զ. համագումարը եւ յառաջիկայ հինգշաբաթի օրը միջազգային հասարակութիւնը կը տօնախմբէ ջուրի համաշխարհային օրը։ Այս տարի կ'ընդգծէ ՜՜ջուրին կապը սննդառութեան հետ՝՝։ Մաղթանքս է որ երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն երաշխաւորուի ջուրի եւ սնունդի արդար բաժինը ՝՝։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները խորհրդածելու մեր հաւատքի գանձին վրայ, որ մեզի հաղորդուեցաւ ու մենք սիրով ընդունեցանք։ Վեհանձնութեամբ համապատասխանենք Տիրոջ կանչին ապրելով աւետարանի պատուիրաններուն համաձայն։ Մենք առանձին չենք այս ճանապարհին վրայ։ Ճանչնանք մեր Տէրը որպէս աղբիւրը ու լիութիւնը երջանկութեան, որուն կը ձգտինք։ Թող Տիրամայրը ըլլայ մեր տիպարը։ Ձեզի բոլորիդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.