2012-03-17 12:56:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Յառաջիկայ Սեպտեմբերին Լիբանան Կ'այցելէ։


Յոյն կաթողիկէ պատրիարք գերերջանիկ Կրեկուար Գ. Լահամ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Լիբանան կ'այցելէ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին։
Ան ըսաւ որ Քահանայապետը մեր մօտ կու գայ ամրապնդելու քրիստոնեաներուն հաւատքը, սերտացնելու միութիւնը եւ ուղղելու՝ խաղաղութեան պատգամ մը։ Պատրիարք Լահամը՝ պիտի ընդունի Սրբազան Հայրը Ս. Պօղոսի նուիրուած պազելիքային մէջ։
Լիբանան կեցութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու հետ, պիտի այցելէ կարգ մը եկեղեցիներ։ 16 սեպտեմբերին բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ եւ որուն ընթացքին շրջանի պատրիարրքներուն ու եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ 2010-ի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի առաքելական յորդորագիրը, նուիրուած՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.