2012-03-17 12:57:58

Հայոց Ցեղասպանության Ականատես Նորվեկիացի Միսիոնարի Մը Գտնուած Օրագիրը Պիտի Թարգմանուի Հայերէնի։


Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես, նորվեկացի միսիոների մը օրագիրը գտնուած է իր թոռնիկի ձեղնայարկի մէջ: Ըստ Asbarez-ի` այս մասին յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան` Կլենտէյլի հանրային գրադարանի մէջ կայացած քննարկման ժամանակ: Անոր խօսքերով, օրագիրը շուտով կը բերուի Հայաստան եւ կը պահուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի մէջ:
Հայկ Դեմոյեան հանդիպումներ կ’ունենայ ԱՄՆ-ի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելու 2015ին Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը:
Նշուած հանդիպման ընթացքին Դեմոյեան անդրադարձած է թանգարանի` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող վերջին հրապարակումներուն, որոնք կ’ընդգրկեն վերապրածներու յուշերը, ականատեսներու հաշուետւութիւնները, հազուագիւտ աղբիւրներու վերահրապարակուած հրատարակութիւնները, նոր բացայայտուած փաստաթուղթերու ժողովածուները, ինչպէս նաեւ 1909ի Կիլիկիոյ կոտորածներու մասին աշխատութիւններ:
Թանգարանի տնօրէնի խօսքերով, անկախ այն փաստէն, որ Թուրքիա կ’օգտագործէ հնարաւոր բոլոր միջոցները ժխտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նոր ապացոյցներ ի յայտ կու գան ապացուցելու այդ յանցագործութիւնը: Այժմ շուտով Նորվեկիացի ականատեսի օրագիրը պիտի թարգմանուի հայերէնի:








All the contents on this site are copyrighted ©.