2012-03-17 12:57:37

ՀԱՅ-ու Անունին Տտակ Ատրպէյճանէն 50 Հոգի Եւրոպա Ապաստանած։


Ատրպէյճանական ՝՝Փաթ.ազ՝՝ Լրատու կայքէջը կը հաղորդէ որ Եւրոպայի մէջ բնակութեան իրաւունք ապահովելու համար աւելի քան 50 ազերիներ իրեն զիրենք ՀԱՅ ներկայացուցած են։ Ըստ նոյն կայքէջին անոնցմէ հինգ ընտանիքներ այսօր նոյնիսկ սկսած են ՝՝հայերէն՝՝ խօսիլ ու մասնակցիլ հայկական հաւաքներու։ ՝՝Ազերիներու Եւրոպայի մէջ իբրեւ հայ ներկայանալու հետաքրքրական տուեալներէն մէկն ալ այն է որ ՀԱՅԱՑԱԾ-ներէն մէկը Ատրպէյճանի Ազգային Ազատութիւն շարժման ամենէն գործոն անդամներէն մէկն է ՝՝ կը գրէ ՝՝Փաթ.ազ՝՝ լրատու կայքէջը։
Ատրպէյճանի Խորհրդարանի երեսփոխան ֆարաճ Կուլիեւ այս ուղղութեամբ կը պահէ իր լռութիւնը,անյայտ պատճառներով ։ (Մարմարա-Պոլիս)








All the contents on this site are copyrighted ©.