2012-03-17 12:56:28

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն -


Հայ Գիրքը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մշակութային Առաքելութեան Կողմնացոյցը։
Շուրջ չորս տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայ Գիրքի ցուցահանդէսներուն առիթով մեր Հայրապետական պատգամներուն մէջ, կը գրէ Արամ Վեհափառը, միշտ վեր առած ենք հայ գիրքին վէրքերն ու երգերը եւ մա՛նաւանդ ծանրացած՝ հայ գիրքին նկատմամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ նկատուող հետաքրքրութեան նահանջին ու ընթերցասիրութեան նուազումին, եւ կոչ ուղղած բոլորին՝ երկիւղածութեամբ մօտենալու հայ գիրքին եւ մեր հայկական օճախները լուսաւորելու անոր կենսապարգեւ լոյսով։ Արդարեւ, 2004ին, Հայ Գիրքի ցուցահանդէսին առիթով արտասանած մեր պատգամին մէջ ցաւով ու արդար ընդվզումով ըսինք. «մեր սիրտը ցաւով կը փոթորկի, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք թէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գիրքը սկսած է դառնալ լուսանցքային, եւ չակերտեալ արժէքներ սկսած են մեր կեանքի օրակարգին վրայ դառնալ առաջնահերթ։ Խորապէս կը ցաւինք ու կ՛ընդվզինք, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք թէ հոգեւորականներ ու մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու ուսանողներ անտարբեր վերաբերում սկսած են ցուցաբերել հայ գրքին նկատմամբ։ Սա պահուն մեր աչքերուն դիմաց հանդիսադրուած հազարաւոր գիրքերը կը խօսին մեզի հետ, ո՛չ թէ աղաչական ձայնով, այլ զօրեղ պատգամի շեշտով ըսելով՝ ո՜վ հա՛յ հոգեւորական, ո՜վ հա՛յ մտաւորական, ո՜վ հա՛յ ուսուցիչ, ո՜վ հա՛յ ուսանող, ո՜վ հա՛յ մարդ՝
Առանց հայ գիրքի մո՛ւթ է ճամբադ,
Առանց հայ գիրքի աղքա՛տ է սեղանդ,
Առանց հայ գիրքի դատա՛րկ է կեանքդ,
Առանց հայ գիրքի ծարա՛ւ է հոգիդ։
Արդ, դարձի՛ր հայ գիրքին, ա՛ռ հայ գիրքը ու կարդա՛ զայն. եւ չմոռնաս երբեք, որ՝
Գիրք կարդացողը գիրքո՛վ կը հարստանայ,
Գիրք տպողը գիրքո՛վ կը բարձրանայ,
Գիրք պահողը գիրքո՛վ կը հզօրանայ,
Գիրք գրողը գիրքո՛վ կ՚անմահանա՜յ…»։
Պատի՛ւ մեր գրողներուն ու մեկենասներուն, որոնց շնորհիւ այսօր Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ մեծ թիւով գիրքեր կը տպուին։ Սակայն դժբախտաբար, ի հեճուկս հայ գիրք գրող ու տպող նուիրեալներու օրինակելի յանձնառութեան՝ հայ գիրքի ընթերցողներուն թիւը կը շարունակէ նուազում արձանագրել։ Հայ գիրքին նկատմամբ անտարբերութեան համաճարակ մը սկսած է զգալի դառնալ հայ կեանքէն ներս։ Լսողատեսական ճարտարագիտութեան արագասոյր զարգացումով մեր երիտասարդութիւնը մանաւանդ սկսած է հեռանալ հայ գիրքէն։ Արդարեւ, ժամանակն է, եթէ արդէն ուշացած չենք, ազգովին վերապրելու հաւաքական հոգեփոխութիւն մը, որպէսզի Հայ Տպագրութեան 500ամեակին առիթով, դարերու հարուստ փորձառութեամբ անմահացած Հայ Գիրքը դառնայ ամէնօրեայ դպրոցը հայ մարդուն, անոր սիրելի ընկերը, կողմնացոյցը իր կեանքին եւ յաւերժութեան բացուող ճանապարհը հայ ժողովուրդին։









All the contents on this site are copyrighted ©.