2012-03-16 12:58:20

Մոզամպիքի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Իրաւական Վիճակը Վաւերացուած Է։


Անցեալ 12 մարտին, Սուրբ Աթոռի Եւ Մոզամպիքի հանրապետութիւնը վաւերացուցած են Մոզամպիքի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ <<իրաւական սկզբունքներն ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու՝ անցեալ 7 դեկտեմբերին (2011) ստորագրուած համաձայնագիրը։
Համաձայնագրին մէջ ընդգրկուած է, Մոզամպիքի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակը, եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաստատութիւններու կողմէ շնորհուած վկայականներու ու կանոնական ամուսնութեան ճանաչումը։ Վերոյիշեալ համաձայնագրի ստորագրութեամբ՝ ամրապնդուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Մոզամպիքի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամութիւնն ու գործակցութեան կապերը ։ Նշենք որ Մոզամպիքի մէջ կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 30 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.