2012-03-16 13:08:57

Լիբանանի Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան Ա. Համագումարը։


Զալքայի «Սուրբ Խաչ» Եկեղեցւոյ սրահին մէջ Շաբաթ՝ 10 եւ կիրակի՝ 11 մարտին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան Ա. համագումարը, որուն նախագահեց ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան հիմնադիրը՝ գերյարգելի հայր Անդրանիկ թ.ծ.վ. Կռանեան։ Մասնակցութեամբ՝ «Սուրբ Աւետման» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեանի, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի. ինչպէս նաեւ Միութեան երեք հրամանատարներուն՝ Արամ Գարատաղլեանի, Յակոբ Թէրճանեանի, Սիպիլա Փաչանեանի եւ երկու մասնաճիւղերու խորհուրդի անդամներուն։
Երկու oրերու ընթացքին արծարծուեցան Պատանեկան Միութեան առաքելութիւնը կարեւորող հայապահպանման, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ համայնքային հարցերը, ի խնդիր նոր սերունդի առողջ կազմաւորման։ Արծարծուեցան նաեւ Միութեան գործունէութեան առջեւ ծառացող դժուարութիւնները։ Նոր Աւետարանացման լոյսէն մղուած, համագումարին մասնակիցները հաստատեցին քրիստոնէական եւ ՀԿՄևական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը պատանիներուն համար։
Համագումարին մասնակիցները կազմեցին չորս յանձնախումբեր քննարկելու համար՝
Օրակարգի վրայ ճշդուած նիւթերը, Հայ կաթողիկէ երիտասարդական ծրագիրը,
Մասնաճիւղային ներքին հարցերը, եւ Յարաբերական եւ համագործակցութեան հարցերը։Համագումարին վերջին oրը հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին նախկին հրամանատարներ՝ Ընկերներ Կրէկուար Գալուստ, Կարo Մարաշլեան, Կարo Գահուէճեան եւ Մհեր Գալէնտերեան, որոնք իրենց անմիջական փորձառութենէն մեկնելով գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ կարծիքներու փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ ապագայի հեռանկարներու լոյսին տակ։









All the contents on this site are copyrighted ©.