2012-03-16 13:09:09

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Գործունէութիւնը Հռոմի Մէջ։


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը որ այս օրերուն Հռոմ կը գտնուի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին առթիւ (որ տեղի ունեցաւ 6-13 Մարտ 2012) Հռոմ իր կեցութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցական ու քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու հետ, նաեւ Հռոմահայերու հետ։
Այսօր Ուրբաթ 16 Մարտ, Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի իր անձնական հիւրասենեակին մէջ ընդունեց իտալացի (ծագումով Տալմացիայէն) պատմագէտ ու գրող Մարքօ Եաքովը հեղինակը La Questione D'Oriente Vista Attraverso La Tragedia Armena' ՝՝Հայոց Ողբերգութեան Ընդմէջէն Միջին Արեւելքի Հարցը՝՝ հատորին, հատորը որ կը խօսի Համիտեան ջարդերուն մասին։
Հանդիպումի ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ տիար Եաքովի աշխատանքը. նաեւ հրաւիրեց զինք Լիբանան յառաջիկայ 24 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս իր անձնական մասնակցութիւնը բերելու՝ տալով դասախօսութիւն մը։

Ապա Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը ընդունեց իտալացի նախկին երեսփոխան տիկին Սանտրա ֆէյը։ Նշենք որ Տիկին ֆէյ 1996- 2001 տարիներուն եղած է Իտալիոյ աջակողմեան Alleanza Nazionale՝ (Ազգային Դաշնակցութիւն) կուսակցութեան անդամ եւ 2000-ին Իտալիոյ Խորհրդարանին ներկայացուցած էր բանաձեւ մը, հաստատելով թէ ՝՝հայոց ցեղասպանութեան հարցը տակաւին փաստերու կարիքն ունէր ուստի պէտք էր յանձնուէր պատմաբաններուն՝՝ ..... Տիկին Սանտրա ֆէյ խորպէս զղջացած՝ անցեալի իր այդ կեցուածքին համար, այսօր եկած էր յատկապէս ՜՜ներողութիւն՝՝ խնդրելու, անդրադարձած ըլլալով իր մեծ սխալին։
Հոգեւոր Տիւրոջ ունեցած այս հանդիպումներուն ներկայ եղան նաեւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի փոխ նախագահ եւ Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայերէն հաղորդումներու պատասխանատու՝ Տիար Ռոպէր Աթթարեան, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան Դպրեվանքի Մեծաւորը՝ Գերյարգելի Գէորգ Ծ Վրդ. Նորատունկեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.