ԱԺ Նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան Ցաւակցական Նամակ Յղած՝ Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան Զուիցերիոյ Մէջ տեղի ունեցած դպրոցական
հանրակառքի մահացու արկածի առթիւ ցաւակցական նամակ մը ուղարկած է Պելճիքայի Ծերակոյտի
նախագահ տիկին Սապին տը Պեթիւնին: Նամակին մէջ կ'ըսուիի մէջ այլոց .«Մեծարգոյ տիկին
նախագահ, ցաւով տեղեկացանք Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած դպրոցական հանրակառքի արկածի
մասին, որուն հետեւանքով կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Ձեր երկրի համար դժուարին
սա պահուն Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն
կը յայտնենք Ձեզի, զոհուածներուն ընտանիքներուն, ուսուցիչներուն, Պելճիքայի ամբողջ ժողովուրդին: