2012-03-15 12:07:26

Փաքիստանի Կրօնական Փոքրամասնութիւննները Կարելիութիւն Պիտի Ունենան Ստանձնել Բարձր Պաշտօններ։


Երկրին ծերակոյտը կ'ուզէ բարեփոխել սահմանադրութիւնը։
Փաքիստանի ներկայ սահամանադրութիւնը, որ կրօնական փոքրամասնութիւններու անդամներուն կ'արգիլէ մուտքը պետական բարձրագոյն աստիճաններու կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Մահմետական ծերակոյտ Հաժի Ատիլ, որ մաս կը կազմէ ներկայ կառավարութեան կուսակցութեան, այդ ուղղութեամբ դիմումնագիր մը ներկայացուցած է կառավարութեան։ Նշենք որ ծերակոյտի վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին, առաջին անգամուան համար ոչ մահմետական չորս անդամներ ընտրուած են. մէկ քրիստոնեայ, երկու հինտու եւ մէկ սիխ։ Ատիլի նախաձեռնութիւնը կը վայելէ նեցուկը այլ ծերակուտականներու։ Քրիստոնեայ նոր ծերակուտականը՝ Մայքէլ ընդգծած է որ ոչ մահմետական փաքիստանցիները կը սիրեն իրենց հայրենիքը եւ պէտք չէ տարակուսիլ հայրենիքի հանդէպ անոնց հաւատարմութենէն։ Երկրի ներկայ ծերակոյտի նախագահը իր կարգին խնդրած է սահմանադրութեան բարեփոխումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.