2012-03-15 12:08:09

Շահպազ Պհաթթի՝ Փաքիստանցի Քրիստոնեայի Մը Կեանքն Ու Նահտակութիւնը, Գիրքի Ներկայացում։


Ուրբաթ 16 Մարտի յետ միջօրէի՝ ժամը 17.30-ին, Հռոմի Սուրբ Բարդողոմէոս Պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Շահպազ Պհաթթի՝ Փաքիստանցի քրիստոնեայի մը կեանքն ու նահտակութիւնը>> վերնագրով գիրքի ներկայացումը, որուն հեղինակներն են. Րոպէրթօ Ծուքքոլինի եւ Րոպէրէթօ Բիէդրոլուչչի։
Ներկայացումին ելոյթ կ՛ունենան Իատլիոյ միջազգային յարաբերութիւններու նախարար՝ Տիար Անտրէա Րիքքարտի, Փաքիստանի վարչապետի փոքրամասնութիւններու յատուկ խորհրդատու՝ Փոլ Պէաթթի, Ավվէնիրէ Թերթի տնօրէն՝ Մարքօ Թարքուինիօ եւ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ կարտինալ Ժան Լուի Թոռան։








All the contents on this site are copyrighted ©.