2012-03-15 12:06:36

Դամասկոսի Առաքելական Դեսպանի Ցաւը Ի Տես Միջազգային Հասարակութեան Անկարողութեան։


Սուրիոյ իրավիճակը բարդ է, սակայն ցաւով կը նշմարենք որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը այն տպաւորութիւնը կու տայ որ անհամաձայն ազգերու մարմին մըն է, այսպէս յատարարած է գերապայծառ Մարիօ Զինարի` առաքելական դեսպանը Սուրիոյ մօտ, մատնանշելով որ՝ ՄԱԿը անկարող կը թուի ըլլալ վերջ դնելու երկրին մէջ գործադրուող ջարդին։
Վատիկանի դիւանագէտը յոյս կը յայտնէ որ միջազգային հասարակութիւնը բացայայտ պատգամ մը տայ, վերջ դնելու՝ ներկայ կացութեան։ Անոր գնահատումով ՄԱԿը պէտք է լուծում գտնէ ներկայ արիւնալի կացութեան, որպէսզի Սուրիան կարենայ դուրս գալ ներկայ անել կացութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.