2012-03-15 12:10:21

Բարեսիրական Ընթրիք Տուպայի Հայ Գաղութի Կազմակերպութեամբ՝, Զօրակցելու՝ Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանին։


Հինգշաբթի 8 Մարտին Տուպայի մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցող բարեսիրական ընթրիքը, «Մեսրոպեան` կրթութեան արժանավայել կառոյցը» կարգախօս-պաստառին ներքեւ, ներկայ էին 330 հրաւիրեալներ, որոնց շարքին՝ Տուպայի հայ գաղութի գործօն դէմքեր, Տուպայի տեղական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Տուպայի մէջ Լիբանանի գաղութի ներկայացուցիչներ։
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Վարուժ Ներկիզեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ բնութագրեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը: Խօսք առին նաեւ Մեսրոպեանի նախկին տնօրէն՝ Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, եւ ներկայ տնօրէնը՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստ որոնք մեծապէս գնահատեցին ձեռնարկը կազմակերպողները եւ բարերարները։ Երեկոյթին խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց Անգլիայէն յատուկ հրաւէրով Տուպայ Ժամանած արուեստագէտ մենակատար Գեւ Օրգեան։
Նշեալ բարեսիրական ընթրիքը իր բնոյթով, տարողութեամբ, աշխարհագրական դիրքով եւ նուիրատուութիւններով 73-ամեայ վարժարանի պատմութեան մէջ արձանագրեց նոր եւ փառապանծ էջ մը, որ հիմք պիտի հանդիսանայ յառաջիկայ նուաճումներուն, եւ որ ապացոյցն է շրջապատին մէջ Մեսրոպեանին նկատմամբ ստեղծուած վստահութեան: Լիբանանէն դուրս Մեսրոպեանի բարեկամներու մեծ տարողութեամբ նեցուկը խթանիչ եւ պարտաւորեցնող ուժ է` յաւելեալ թափով շարունակելու գործունէութիւնը եւ կատարելագործելու աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.