Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ Երեքշաբթի, Մարտ 13ին յայտարարեց, թէ անցեալ տարի սկսած
բարեկարգումներու քայլերուն մէկ մասնիկը հանդիսացող խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի
պիտի ունենան Մայիս 7ին: Միւս կողմէ, Թուրքիա գտնուող ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ
հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան յայտարարեց, թէ Դամասկոսէն պատասխան կը սպասէ՝ Ասսատի
հետ իր հանդիպման ընթացքին իր ներկայացուցած առաջարկներուն կապակցութեամբ: Աննան նոյն
օրը Թուրքիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիրներուն կազմած
Սուրիոյ ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: