2012-03-14 12:37:31

Սենեկալի Գահերէց Կարտինալ Ատրիան Սառ, Իր Տեղապահ Եպիսկոպոսներուն Իշխանութիւն Տուաւ Բանադրելու Վիժում Կիրարկողները Եւ Հաւատուրացները։


Կարտինալ Արրիան՝ Տաքարի առաջնորդը , իր տեղապահ եպիսկոպոսներուն իշխանութիւն տուած է, մեղքերը արձակելու կամ բանադրելու այն հաւատացեալները որոնք ամբաստանուած են վիժումի կիրարկումով կամ հաւատքի հրապարակային ուրացութեամբ։
Կարտինալը իր հովուական թուղթին մէջ, կը հրաւիրէ հաւատացեալները խորապէս ապրելու՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքը, եւ ծանր մեղքի մէջ իյնալու պարաքային՝ մօտենալու ապաշխարութեան խորհուրդին, ամենայն խոնարհութեամբ, երկիւղածութեամբ ու զղջումով։ Միաժամանակ կը հրաւիրէ կղերը որ դարձի եկողները ընդունին գթութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.