2012-03-14 12:38:58

Սարքոզի Կ՛արտայայտուի «Հայերու Վիրաւորուած Յուշերուն» Մասին.


Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Մարտ 11ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ընտրահաւաքի մը ընթացքին անգամ մը եւս շեշտած է , թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնք մը վաւերացնելու աշխատանքին, որովհետեւ կը հաւատայ Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարար Անտրէ Մալրոյի այն համոզումին, թէ՝ «Ֆրանսան Ֆրանսա կ՛ըլլայ, երբ կը պայքարի ուրիշներուն համար»: Ան ըսած է , թէ ճիշդ այս պատճառով է, որ ինք կը պաշտպանէ «հայերու վիրաւորուած յուշերը»:
Նոյն օրը(11 Մարտ) ֆրանսահայ շարժապատկեր արտադրող եւ «Սեզար» (Ֆրանսայի «Օսքար»ը հանդիսացող ) հիմնարկի նախագահ Էլեն Թերզեան յայտարարած է , թէ նեցուկ կը կանգնի Նիքոլա Սարքոզիի վերընտրութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.