2012-03-14 12:38:05

Պերլինի Առաջնորդը Իր Կարտինալ Նշանակուելուն Առթիւ Տօնախմբեց Չքաւորներուն Հետ։


Գերմանիոյ մայրաքաղաքի առաջնորդը` Ռայներ Ոլքի, կարտինալ նշանակումի տօնախմբութիւնը կատարեց մայրաքաղաքի չքաւորներուն հետ։ Շուրջ 100 աղքատներ ճաշի հրաւիրած է անոնց հետ միասին տօնախմբելու կարտինալական աստիճանը, որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անոր շնորհեց անցեալ 18 փետրուարին։ Իր այս նախաձեռնութեամբ՝ Ծիրանաւորը ուզեց մատնանշել որ իրեն շնորհուած այս պատիւը նաեւ կը պատկանի Պերլինի բոլոր բնակչութեան։ Նշենք որ Պերլինի առաջնորդը նաեւ նախագահն է Դաշնակցային Գերմանիոյ գարիթասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.