2012-03-14 12:35:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 14 մարտին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հարպարակային ունկնդրութիւնը շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած՝ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Ունկնդրութեան ներկայ էր նաեւ Տուպլինի մէջ 10-17 յունիսին կայանալիք՝ Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային 50րդ Գիտաժողովի մասնակցողներէն պատուիրակութիւն մը նախագահութեամբ՝ գիտաժողովի նախագահ` Տուպլինի Արքեպիսկողոս գերապայծառ Տիարմուիտ Մարթինի։
Պատուիրակութիւնը Սրբազան Հօր յանձնեց Գիտաժողովի փոքր զանգակը որ անցեալ տարուայ 17 մարտէն ի վեր Իրլանտայի 26 Թեմերուն մէջ հանգրուան կատարած էր։ Զանգակիկը Տուպլինի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային 50րդ Գիտաժողովի խորհրդանիշերէն մին է։Նշենք որ Գիտաժողովը բնաբանն է ՜՜Սուրբ Հաղորդութիւն։ հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ ու մեր միջեւ՝՝։
Իր արտասանած Ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը Աղօթքի մասին խորհրդածութիւն մը կատարեց խօսելով Աստուածամօր մասին ու անոր ներկայութեան Յիսուսի կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ։ Տիրամայրը ներկայ գտնուեցաւ Յիսուսի երկրային կեանքի ընթացքին։ Մտիկ կ՛ընէր ու իր սրտին մէջ կը խոհրդածէր կեանքի ամէն մէկ իրադարձութեան մասին։ Հայեցողութեամբ կ՛ընկերանար իր Որդդիին ու անոր աշակերտներուն։ Ան ներկայ էր նաեւ Եկեղեցւոյ ծննդեան։Եթէ չկայ եկեղեցի առանց Հոգեգալստեան չկայ նաեւ Հոգեգալուստ առանց Յիսուսի Մօր։ Մարիամը մեծարել կը նշանակէ Անկէ սորվիլ ըլլալ մշտատեւ աղօթող հասարակութիւն։ Մարիամը իր մայրական սիրով մեզ կը հրաւիրէ մեր աղօթքները ընդլայնելու ու անոնք պէտք չէ ըլլալ յատուկ մեր պահանջներուն համար։ Տիրամօր հովանիին յանձնենք մեր անձնական ու եկեղեցական գոյութեան ամէն մէկ հանգրուանը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մասնաւորապէս բարի գալուստի խօսք մը ուղղելով Մալթայէն ժամանած Պենետիկտեան <<խաղաղութեան>> Ճրագին ընկերացող պատուիրակութեան։ Ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Քառասնորդաց շրջանի ուղեւորութիւնը ձեզի համար, սիրելի երիտասարդներ, թող ըլլայ խթան վերագտնելու հաւատքի կարեւորութիւնը, ու ձեզ՝ սիրելի հիւանդներ, օգնէ միացնելու ձեր ցաւերը խաչեցեալ Քրիստոսի ցաւերուն, հիմնելու համար սիրոյ քաղաքացիութիւն մը ձեր ընտանիքներուն մէջ. իսկ ձեզ օգնէ՝ սիրելի նորապսակեալներ, ձեր մէջ աճեցնելու Աստուծոյ ներկայութեան իմաստը։








All the contents on this site are copyrighted ©.