2012-03-14 12:36:58

Լատիններու՝ Հալէպի Թեմի Առաքելական Պատուիրակին Մտահոգութիւնը։


Լատիններու Հալէպի թեմի առաքելական պատուիրակ` գերապայծառ Ճիուզէփփէ Նացարոյին համաձայն, Սուրիոյ ընդդիմադիրները սկիզբէն ի վեր կ'աշխատին ուրիշներու հաշւոյն։ Ընդհարումը պատրաստողները ծայռայեղ մահմետականներ են։ Առաջնորդը կը մատնանշէ որ ՄԱԿի մէջ Սուրիոյ դէմ քուէարկող պետութիւններու շատերը մշտատեւ կը բռնաբարեն մարդու իրաւունքներու յարգանքը։ Ու՞ր է բարոյականը, կը հարցադրէ ան։ Եթէ Արեւմուտքը իրապէս կ'ուզէ շահագրգռուիլ Միջին Արեւելքով, պէտք է զբաղի բոլոր շրջանի երկիրներով, Միջերկրականէն մինչեւ Արաբական Ծոցը։ Կարելի չէ նկատի առնել որոշ դէպքեր եւ անտեսել ուրիշներ։
Մշակութային եւ ընկերային խորունկ յեղաշրջումներ ի գործ դնելը՝ դարերու կը կարօտի։ Կարելի չէ ակնկալել անմիջական արդիւնքներ եւ կարելի չէ խորհիլ արեւմտեան տրամաբանութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.