2012-03-14 12:11:29

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ.


Սահակի եւ Մեսրոպի առաջին աշակերտներէն մին է Եզնիկ Կողբացի։
Եզնիկ ղրկուեցաւ Յովսէփ Հողոցմեցիի հետ ( որ հետագային Կաթողիկոսական աթոռի վրայ պիտի բարձրանար ) դէպի Եդեսիա, ուսում առնելու եւ թարգ-մանութիւններ կատարելու ասորերենէ հայերէնի. Ապա ուղարկուեցաւ Բիւզանդիոն, ուր դարձեալ թարգմանութիւններու նուիրուեցաւ, այս անգամ յունարէն լեզուէն` հայերէնի։ Եզնիկ չորս լեզու կը խօսէր. Հայերէն, յունարէն, պարսկերէն եւ ասորերէն։ Երբ Բիւզանդիոնէն դարձաւ, Տարօնի Աշտիշատ քաղաքը հաստատուեցաւ. Ինքն է որ բերաւ հարազատ օրինակը Եփեսոսի սուրբ ժողովի սահմանած կանոններուն։ Կարգուեցաւ եպիսկոպոս Բագրեւանդ գաւառին եւ իբր այդ` մասնակցեցաւ Աշտիշատի մէջ գումարուած ժողովին։
Եզնիկ նշանաւոր է իր վարդապետական գրուածքով, որու տիտղոսն է ՝՝Եղծ Աղանդոց՝՝։ Այս գրութիւնը կրկնապէս շահեկան է մեզի համար, որովհետեւ նախ իրազեկ կ՛ըլլանք Հայերու դաւանած ճշմարիտ քրիստոնէական վարդա-պետութեան, իսկ երկրորդ` կը տեղեկանանք նոյն շրջանին տարածուած զանազան աղանդներու մասին քրիստոնէական աշխարհէն ներս։ Ստոյգ է որ շատ էին Պարսիկներու սադրանքները որպէսզի իրենց աւելի մօտեցնեն Հայերը, զանոնք հեռացնելով յոյներու դաւանած կրօնէն եւ աւելի ջանալով մօտեցնել աղանդներու ուսուցումին։ Արդէն Հայաստանը կորսնցուցած էր իր անկա-խութիւնը եւ բաժնուած էր երկու մասի, մին Յունա-Հռովմէական իշխանութեան տակ, իսկ միւսը, որ կը կազմէր կարեւորագոյն մասը Հայաստանի, Պարսից իշխանութեան ներքոյ։
Ասկէ զատ, ուսումնատենչ անձերը հետզհետէ բազմանալով, վախ կար որ անոնք, փոխանակ հետամուտ ըլլալու ճշմարիտ վարդապետութեան, շեղէին Քրիստոսի ճանապարհէն, հետեւելու համար մոլար ու խաբեպատիր վարդա-պետութիւններու։ Գիրքը կը բաժնուի չորս մասերու. Առաջինը հեթանոսներու դէմ է, երկրորդը` Պարսիկներուն, երրորդը` յոյն իմաստակներուն դէմ, իսկ չորրորդը Մարկիոնի աղանդին դէմ։
Եզնիկ մեր մատենագիրներու մէջէն ամենահմուտ իմաստասէրն է եւ նոյնիսկ իր բներեւոյթական բացատրութիւնները ընդունուած են այսօր որպէս իրական. Գիտնական մըն էր ժամանակէն առաջ եւ իր իմաստասիրական հմտութեամբ կ՛ըմբբերանէ նոյնիսկ ամենէն ճարտարախօս փիլիսոփաները։ Լեզուն մաքուր է ու հաճոյալից. Բառերը զոր կը գործածէ ճշգրիտ նշանակութիւն ունին եւ ընտիր կերպով դասաւորուած են։
Ան քաջատեղեակ է ոչ միայն օտար կամ հեթանոսական կրօնքներու դա-ւանած վարդապետութեան, այլ մանրամասնօրէն գիտէ անոնց դիցաբանութիւնը, առասպելները, կրօնական արարողութիւնները, մոգական կամ կախարդական ասութիւններն ու շարժուձեւերը։ Քաջատեղեակ է բոլոր յոյն փիլիսոփաներու կեանքին եւ վարդապետութեան, Հոմերոսէն մինչեւ Պղատոն։
Եզնիկ Կողբացի ունի նաեւ ուրիշ մէկ գրութիւն մը որ կը կոչուի ՝՝Խրատք՝՝. Այս խրատներուն մեծ մասը սակայն կը թուին ըլլալ թրագմանութիւններ անապատական Հայրերէն` Նեղոսի վերագրուած, որոնց աւելցուցած է Եզնիկ մի քանի անձնական խրատներ։ Անշուշտ մեծ դեր ունեցած է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան մէջ, մանաւանդ թէ ինք բերած է Կոստանդնուպոլսէն վերադարձին` յունարէն բնագիրը Աստուածաշունչին։
Եղծ Աղանդոց-ի առաջին տպագրութիւնը տեղի ունեցած է Զմիւռնիա, 1763-ին։ Ապա չորս իրերայաջորդ տպագրութիւն ունեցած է Վենետիկ, Մխիթարեան Հայ-րերու կողմէ։ Թարգմանուած է ֆրանսերէնի եւ տպագրուած Փարիզի մէջ 1833-ին։
Եզնիկ Կողբացի կը փայլի մեր մատենագիրներուն մէջ իր հմտութեամբ եւ լեզուական մեծ ճկունութեամբ։ Կարելի է անվարան ըսել թէ ամենա-ուշիմ եւ ամենա-հանճարեղ աշակերտը եղած է Սահակի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.