2012-03-14 12:36:06

՜՜Խաղաղութիւն, Յոյս Եւ Եղբայրութիւն՝՝ Խորհրդանշող Պենետիկտեան Ճրագը Հասաւ Վատիկան։


Անցեալ 4 մարտին Մալթայի Կղզիի մէջ տեղի ունեցած՝ Սուրբ Պենետիկտոսի ՜՜խաղաղութիւն, յոյս եւ եղբայրութիւն՝՝ խորհրդանշող ճրագի լուսաւորումի արարողութենէ ետք, այսօր Ճրագը հասաւ Վատիկան եւ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, օրհնուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հօր կողմէ ։

Նշենք որ Սուրբ Պենետիկտոսի լուսաւորման աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին` երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակած էր ՜՜Եւրոպայի պաշտպան սուրբը՝՝։
Սկզբնական շրջանին Ճրագը կրած է <<Մէկ՝ Եւրոպայի ի նպաստ>> անունը։
Նորին Սրբութիւնը հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին յատուկ խօսք մը ուղղեց <<Պենետիկտեան ճրագի>> ի ընկերացող հաւատացեալներուն եւ ապա օրհնեց զայն։
<<Պենետիկտեան ճրագի>> ընկերացող պատուիրակութեան կ՛անդամակցէին Նորչայի Քաղաքապետ Ճան Բաոլօ Սդէֆաննելլին, Սբոլէթօ Նորչիա թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Րէնաթօ Պոգգարտոն, եւ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ընկերակցութեամբ խումբ մը՝ բաղկացած 50 մանուկներէ որոնք յառաջիկայ 3 յունիսին պիտի ստանան առաջին սուրբ հաղորդութիւնը։
Պենետիկտեան Ճրագը մեզի կը յիշեցնէ՝ մեր եւրոպական եւ քրիստոնէական ժառանգութիւնը։ Դարերու ընթացքին քրիստոնեայ մշակոյթը դրոշմեց եւրոպական պատմութիւնը, ան եղաւ խաւարի մէջ լոյսի նշոյլ մը ( յայտարարած էր Մոնթէգասսինօ Աբբայարանի աբբահայրը՝ հայր Բիէթրօ Վիթթորելլի) ու աւելցուցած՝ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը պիտի օգնէ մեզի, վերյիշելու Եւրոպայի քրիտոնէական արմատները, եւ ըմբռնելու թէ՝ ինչպէս այս անցեալը կազմած՝ ներկայ եւրոպական մշակոյթը եւ ընկերութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի։
Նշենք որ Յառաջիկայ 21 մարտին՝ Իտալիոյ Նորչիա, Սուպիաքօ եւ Քասսինոյի Պենետիկտեան Հայրերը պիտի յիշատակեն իրենց Պաշտպան Սուրբի` Սուրբ Պենետիկտոսի մահուան յիշատակը։ Այս առթիւ 17 եւ 18 Մարտին՝ նախատեսուած է հեծանիւի արշաւ մը, որ պիտի ընդգրկէ Լացիօ եւ Ումպրիա նահանգներու մէջ գտնուող Պենետիկտեան հայրերու վանքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.