2012-03-13 13:16:49

Ջուրի Միջազգային Հաւաք ֆրանսայի Մարսիլիա Քաղաքին Մէջ,


Այդ առթիւ Վատիկանը իր մէկ պատուիրակութիւնը ուղարկած է համագումարին, աշխատասիրելով թղթածրար մը ''ջուրը`կեանքի կենսական տարր մըն է, ազդեցիկ լուծումներ առաջարկել բնական ու անձեռնմխելի այս իրաւունքին համար''։
Ջուրի համաշխարհային 6-րդ համագումարին առթիւ, որ ներկայիս Մարսիլիա տեղի կ'ունենայ 12-17 մարտ։ Այս առթիւ Վատիկանի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը աշխատասիրութիւն մը պատրաստած է որով միջազգային հասարակութենէն կը խնդրէ որ ֆինանսական որոշ գործողութիիններու վրայ հարկ մը պարտադրել որպէսզի աշխարհի բոլոր բնակչութիւնը կարելիութիւն ունենայ խմուելիք ջուր ունենլու։ Վատիկանի թղթածրարին գնահատումով ջուրը առեւտրային բարիք մը չէ, անիկա բոլորին իրաւուքն է, ասոր համար ալ պէտք է պաշտպանուի որպէս ընդհանրական բարիք մը, հարկաւոր՝ ժողովուրդներու բարգաւաճումին։ Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը միջազգային հասարակութենէն կը խնդրէ որ նուազագոյն չափով խմուելիք ջուրը երաշխաւորել թերաճ երկիրներուն։
Խօսքը ուղղելով ջուրի մատկարար-վաճառականներուն, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը կը յիշեցնէ անոնց որ ջուրը չնկատեն որպէս լոկ առեւտարական ստացուածք մը, այլ հանրային իրաւունք եւ որը պետութիւնները պարտին բոլորին երաշխաւորել։ Նշենք որ Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը վերոյիշեալ ժողովին ուղարկած է 3 ներկայացուցիչներ` ամէնքը աշխարհական` խորհուրդին ենթաքարտուղարը՝ Տիկին ֆլամինիա Ճիոժանելլի, որպէս վարիչ՝ հռոմաբնակ հայ տիկին Քրիստին Ժանժէյ` եւ տիար Թեպալտօ Վինչիկուեռա։
Ջուրի համաշխարհային համագումարը երեք տարին անգամ մը կը կազմակերպուի, ունենալով որպէս նպատակ վերլուծել եւ զարգացնել ջուրի մատակարարումը։ ՄԱԿի տուեալներու համաձայն մէկ միլիառ 900 միլիոն հոգի զրկուած են խմուելիք ջուրէն, 3,4 միլիառը պատահականօրէն խմուելիք ջուր ունի իսկ երկրագունդի բնակչութեան կէսին միայն երաշխաւորուած է խմուելիք ջուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.