2012-03-13 14:09:48

Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանի Ելոյթը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ։


Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ, Արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեան 12 Մարտին մասնակցած է թրքական նոր սահմանադրութեան շուրջ քննարկման եւ ներկայացուցած հայ համայնքին տեսակէտը:
Թրքական խորհրդարանի` նոր Սահմանադրութեան հարցերով ենթայանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած քննարկումէն ետք՝ Աթեշեան զրուցած է նաեւ լրագրողներու հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպուած քննարկման համար եւ յոյս յայտնած, որ հայ համայնքին ներկայացուցած առաջարկները պիտի ընդունուին: Ան տեղեկացուցած է, որ իրենք յանձնաժողովին ներկայացուցած են իրենց հետաքրքրող խնդիրներուն շուրջ առաջարկները:
«Թրքական անձնագիր կրող իւրաքանչիւր անձ Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքացի է: Այդքան պարզ պէտք է ըլլայ` առանց ազգային պատկանելութիւնը ուսումնասիրելու եւ շեշտելու»ըսած է Արամ Սրբազան :








All the contents on this site are copyrighted ©.