2012-03-13 13:18:20

ՄԱԿը Կը Խրախուսէ Փաքիստանը Պաշտպանելու Կրօնական Փոքրամասնութիւնները։


Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն՝ մարդու իրաւունքներու երեք մասնագէտներ, խրախուսած են Փաքիստանի կառավարութիւնը որ հաստատակամօրէն ու վճռակամութեամբ գործեն, վերջ դնելու խտրական իր քաղաքականութեան ու երաշխաւորելու կրօնական փոքրամասնութիւններու անվտանգութիւնը։ ՄԱԿի մասնագէտները օրինակը կու տան մահմետական շիիթներու սպաննութիւնը, արդիւնքը վարչութեան մը կրօնական ատելութեան ու ոխակալութեան, ուր կը թուի թէ անկարելի է երաշխաւորել փոքրամասնութիւններու անվտանգութիւնը, կը կարդանք ՄԱԿի յատուկ տեղեկագիրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.