2012-ի քահանայապետական տարեցոյցը ի յայտ կը դնէ կաթողիկէութեան ծաւալումը Ափրիկէի մէջ,
ու ապաքրիստոնէացումը Եւրոպայի մէջ։ 2012-ի քահանայապետական տարեցոյցը ի յայտ կը դնէ
որ Եւրոպան հետզհետէ կ'ապաքրիստոնէանայ, մինչ ափրիկեան ցամաքամասին մէջ կաթողիկէութիւնը
կը ծաւալի։ Տարեցոյցը նաեւ կը յայտնէ կաթողիկէներու թիւին յաւելում աշխարհի մէջ` 1,3
տոկոսով, նոյնպէս եւ եկեղեցական կոչումներու թիւը։ Այսպէս ներկայիս կաթողիկէները երկրագունդի
վրայ կը հաշուեն մէկ միլիառ 196 միլիոն։ Անոնց թիւը մասնաւորապէս աճած է Ափրիկէ եւ Ասիայի
հարաւ-արեւելքի մէջ։ Քահանաներու թիւը եւս աճած է։ Ասիոյ մէջ զգալի է աճը եկեղեցական
կոչումներու։ Մնայուն սարկաւագներու թիւը 3,7 յաւելում արձանագրած է, մասնաւորապէս՝ Հիւիսային
Ամերիկայի ու Եւրոպայի մէջ։ Ներկայիս եպիսկոպոսները, աշխարհի վրայ, կը հաշուեն 5.104։
Անոնց թիւը մասնաւորապէս աճած է Ափրիկէի մէջ` առաւել 16 եպիսկոպոս ու Ամերիկայի մէջ`
առաւել 15 եպիսկոպոս։ Նշենք որ Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ 10 մարտին
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ներկայացուց 2012ի քահանայապետական տարեցոյցը։ Նոր տպագրութիւնը
աշխատասիրութիւնն է գերապայծառ ֆորմենթիի` պատասխանատուն Եկեղեցւոյ կեդրոնական վիճակագրութեան
գրասենեակին։