2012-03-12 12:55:29

Քոֆի Անան Կ՝արտայայտուի Սուրիոյ Մասին։ Սուրիոյ Հարցով Այսօր ՄԱԿ-ի ԱԽ Նիստ Կը Գումարէ. Քլինթըն եւ Լաւրով Պիտի Հանդիպին Նաեւ Առանձին։


ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան երէկ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատի հետ իր ունեցած բանակցութեանց երկրորդ նիստին աւարտին յայտնեց, որ ինք լաւատես է: Ան լրագրողներուն ըսաւ, որ «ես շարք մը պատճառներով լաւատես եմ»` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման փափաք գոյութիւն ունի: «Այդ մէկը դժուար պիտի ըլլայ, սակայն պէտք է յոյս ունենանք», ըսաւ ան:
Աննան յայտնեց, որ Կիրակի օր Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը վնասազերծելու համար նախագահ Ասսատին ներկայացուցած է «շօշափելի առաջարկներ»` աւելցնելով, որ այդ առաջարկները «գետնի վրայ իսկական ազդեցութիւն պիտի ունենան եւ տագնապին վերջ տալու հոլովոյթի նախաձեռնումին կը նպաստեն»:
Իսկ Այսօր 12 Մարտ, 15 Երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որուն քննարկման հիմնական թեման Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը կ՝ըլլայ: Նախատեսուած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումը` նոյնպէս Սուրիական հարցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.