Նիճէրիայ։ Անձնասպանական մահափորձ Մը 3 Զոհ Կը Պատճառէ։
Նիճերիոյ Ժոս քաղաքի քրիստոնեաները անգամ մը եւս թիրախ են մահմետական ահաբեկչութեան,
ուր ահաբեկիչի մը պայթուցիկներով լեցուն ինքնաշարժով մը խուժած է սուրբ ֆինպարի եկեղեցւոյ
դէմ պատճառելով երեք քրիստոնեաներու սպաննութիւնը ու այլ բազմաթիւ ծանր վիրաւորներ։ Յայտնենք
թէ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին քրիստոնեաներու դէմ Ժոս քաղաքին մէջ կատարուած
մահափորձական եկրորդ արարքն է այս։ Շրջանի կացութիւնը անկայուն կը մնայ ու Վերջին տարիներուն
հազարաւոր անհատներ իրենց կեանքը կորսնցուցին քրիստոնեայ - մահմետական բախումներու հետեւանքով։