Հաւատքի Փոխանցումը Եւ Քրիստոնէական Վկայութիւնը Վերտարութեամբ Համաժողով
Ի տես յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուած վերաւետարանացումի նուիրուած Եպիսկոպոսական
Սիւնհոդոսի եւ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած հաւատքի տարուան, 12 եւ 13 Մարտին
Հռոմի Սուրբ Խաչ Համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Հաւատքի Փոխանցումը եւ Քրիստոնէական
Վկայութիւնը>> նիւթին մասին համաժողով մը։ Համաժողովին ելոյթ կ՛ունենայ ի մէջ այլոց
Նոր աւետարանացումի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան որ
պիտի խօսի <<վկայութիւն, խօսք եւ վերաւետարանացում>> նիւթին մասին։