2012-03-12 13:18:05

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Հանդիպումը Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ՜՜Զարթօնք՝՝ Տիկնանց Յանձնախումբի Անդամուհիներուն Հետ։


Երեք տարի առաջ, 7 Մարտ 2009 –ին, Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս 19-րդ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, բացումը կատարեց Հռոմի Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին որ կը գտնուի Ս. Նիկողայոսի անուան հրապարակը, որպէսզի Հռոմահայութիւն ունենայ իր տունը եւ Հռոմի Հայ համայնքի Խորհուրդը շարունակէ իր ձեռնարկներն ու գործունէութիւնը հայապահպանման ի խնդիր, եւ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնէ իտալացիներուն։
Այս առթիւ նաեւ հիմնուեցաւ ՜՜Զարթօնք՝՝ Կանանց մշակութային յանձնախումբը. որուն մաս կը կազմեն գաղութի տիկիններ.
Յանձնախումբը ունի զանազան գործունէութիւններ.
-հայերէն լեզուի ու պատմութեան դասընթացքներ թէ մանուկներուն եւ թէ չափահասերուն,
-կը կազմակերպէ մշակութային երեկոյթներ, գիրքերու ներկայացումներ, ցուցահանդէսներ, այցելութիւններ Իտալիոյ զանազան վայրերը ուր գոյութիւն ունին հայկական եկեղեցիներ կամ վանքեր, եւ ճաշահանդէսներ։
Զարթօնքի ՜՜Gambero Armeno՝՝ երեկոյթը, որուն նպատակն է հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները (եւ հայկական խոհանոցը) ծանօթացնել իտալացի բարեկամներուն, մեծ յաջողութիւն գտած է, եւ Շաբաթ 10 մարտին՝ տեղի ունեցած երեկոյթին, մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլորին յատկապէս՝ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին մասնակցութիւնը (սոյն երեկոյթին) Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւոր գերյ. Հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Նորատունկեանի հետ միասին։
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը քաջալերեց յանձնախումբի անդամներուն աշխատանքը, ողջունեց ներկաները եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ բոլորին. նաեւ պատուեց զանոնք մասնակցելով ընթրիքին։
Այս առթիւ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջոյնեց տիկին Սիլվի Իփլիքճեան Ատամօ եւ ապա խօսեցաւ հանդիպումի նպատակին մասին, բացատրութիւններ տալով նաեւ՝ հայկական պատրաստուած համադամներուն ու ճաշերուն մասին։
Արդարեւ իւրաքանչիւր երեկոյթին, կը պատրաստուի յատուկ թերթիկ մը որուն մէջ բացատրուած են հայկական ճաշատեսակներու պատրաստութեան եղանակը...
Եղբայրական ջերմ մթնոլորտին մէջ,ներկաները հաճելի ժամանակ անցուցին որոնց հրամցուեցաւ հայկական երաժտութիւն եւ համեղ ճաշեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.