2012-03-11 13:20:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Եւ Մատակասկարի Բնակիչներուն ի Նպաստ Կոչ։


Կիրակի 11 Մարտի կէսօրին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած խուժ բազմութեան ներկայութեամբ։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն (Յովհ. 2, 13-25) ուր կը պատմուի թէ Յիսուս Տաճար կը մտնէ ու կը վտարէ վաճարականները ըսելով <<Հօրս տունը վաճառքի տունի մի վերածէք>>։ Այս դէպքը տեսնելով հրեաները կը միջամտեն ու հարց կու տան <<Ի՞նչ նշան ցոյց կու տաս մեզի>> Յիսուս կը պատասխանէ <<Քանդեցէք այս տաճարը եւ ես երեք օրէն կը վերականգնեմ զայն>> Յիսուս իր մարմնի տաճարին մասին կը խօսեր ու այս էր անոր տուած պատգամը <<փառաւոր յարութիւնը մեռելներէն>>։ Յիսուսի յառութեամբ ամէն հաւատաեալ կարելիութիւնը ունի պաշտելու զԱստուած <<Հոգիով եւ Ճշմարտութեամբ>>։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր մօտիկութիւնը յայտնելով ու իր աղօթքները ապահովցնելով բնական աղէտներու զոհ Մատակասկարի բնակչութեան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան օգնութեան հասնելու անոնց։

Սրբազան Հայրը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներն ու ուխտաւորները ու բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.