2012-03-10 12:37:12

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Ունկնդրութիւնը Գանթէրպուրիի Անկլիքան Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Րոան Տուկլաս Ուիլիամսին։


Շաբաթ 10 Մարտի՝ առաւօտեան ժամը 11ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուեցաւ <<2012 տարւոյն Քահանայապետական Տարեգիրքը>> որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասէն կարգ մը եպիսկոպոսներ, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։ Ժամը 12-ին, Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եղբայր Ալոյիս՝ Աբբահայրը Թեզէյի համամիութենական միաբանութեան, հուսկ հանդիպում ունեցաւ
Գանթէրպուրրիի Արքեպիսկոպոս Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ գերապայծառ Րոան Տուկլաս Ուիլիամսին հետ, որ Հռոմ կը գտնուի Մեծն Սուրբ Գրիգորի Տօնին եւ Գամալտոնիներու Մենաստանի հազարամեակի տօնախմբութիւններուն առթիւ։
Յիշենք որ Գամալտոլիներու Միաբանութեան եւ անկլիքան եկեղեցւոյ միջեւ կապերը հաստատուած են հինէն ի վեր եւ 596 թուին ճիշդ այս վայրէն երջանկայիշատակ Գրիգոր Պապը Ս. Օգոստինոսը, եւ ուրիշ 40 կրօնաւորներ ուղարկեց Քրիստոսի աւետարանը քարոզելու անգլիացիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.