2012-03-10 12:36:11

Հայաստանի Մէջ Հոգեւոր Կեանքը Զգայուն Վիճակի Մէջ Է։


Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եսայի քհնյ. Արթենեան 7 Մարտին տեղի ունեցած՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ աղանդաւորական շարժումներու բազմաթիւ ըլլալը կը մղէ մտածելու, որ Հայաստանի մէջ հոգեւոր անվտանգութեան հարցերը բաւական վտանգաւոր են։ Խօսելով ՜՜Հոգեւոր անվտանգութեան ապահովութեան խնդիրը Հայաստանի մէջ՝՝ նիւթին մասին ըսած է թէ՝ժողովրդավարութիւնը եւ խօսքի ու խղճի ազատութիւնը իրենց հետ կը բերեն նաեւ բացասական հետեւանքներ: Հոգեւոր անվտանգութիւնը բարձիթողի վիճակի մէջ է։ Խօսքի ազատութիւնը նաեւ պատասխանատուութիւն պէտք է ենթադրէ։ Աղանդաւորները կը գործեն առանց պատասխանատուութեան, իրենք հակամարդկային եւ հակաքրիստոնէական մեթոտներով կը կառավարեն մարդկանց միտքը։ Ըստ կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանդր Ամարեանի աղանդաւորները մարդիկը համոզելու ամէնէն դիւրին ձեւը կը նկատեն իրենց հաւատքին անսխալ ըլլալը առաջ քշելը, եւ կը փորձեն այդպիսով մարդիկը ներգրաւել իրենց շարքերուն մէջ՝՝։











All the contents on this site are copyrighted ©.