2012-03-10 12:40:38

Գամալտոլիի Միաբանութեան Հազարամեակին Առթիւ Համամիութենական Արարողութիւն Հռոմի San Gregorio al Celio Մենաստանին Մէջ


Ըստ Լատին ծէսի՝ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Տօնին նախօրեակին, շաբաթ 10 մարտի երեկոյեան ժամը 17.30ին Հռոմի San Gregorio al Celio մենաստանին մէջ տեղի կ՛ունենայ համամիութենական Ժամասացութեան արարողութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ եւ Գանթէրպուրրի Անկլիքան եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Րոան Ուիլիամսի մասնկացութեամբ։ Նշենք որ San Gregorio al Celio մենաստանի Գամալտոլի միաբանութեան հայրերը տարիներու ընթացքին պատմական սերտ կապեր հաստատած են Անկլիքան եկեղեցիներու միութեան հետ ու այս ուղղութեամբ՝ յիշողութեան արժանի են ՜՜ 1989-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի Գանթէրպուրրի Արքեպիսկոպոս Րոպերթ Րունսիի ու անոր յաջորդող 1996-ին Ժորժ Գէրէյ Արքեպիսկոպոսի հետ ունեցած համամիութենական աղօթքի հանդիպումները, որոնք հոգեւոր գետնի վրայ մեծ արդիւնաբերութիւն ունեցան՝՝։ Այսօրուայ հանդիպումը կը հանդիսանայ երրորդը եւ ունի համամիութեանական բնոյթ։ Նշենք որ տարիներու ընթացքին San Gregorio al Celio մենաստանը եղած է Անկլիքան ուխտաւորներու այցելութեան վայր եւ այսօրուայ ժամասացութեան արարողութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ նաեւ San Gregorio al Celio մենաստանի մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգորի մատրան բացումը որ պիտի դառնայ Անկլիքան ելեղեցւոյ հաւատացեալներու ուխտատեղի







All the contents on this site are copyrighted ©.