Անկլիգան Ուեսթմինսդերի Երգչախումբը Հռոմ Հրաւիրուած Է Ս. Պետրոս Տաճարին Մէջ Երգելու
Համար։
Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Վատիկանը Հռոմ հրաւիրած է Անկլիգան Ուեսթմինսդերի
աշխարհառչակ երգչախումբը, որպէսզի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի պատարագին ընթացքին, Սիքստեան
երգչախումբին հետ միասին սրբազան երգեցողութիւնը կատարէ ։ Նախօրեակին, 28 յունիսին, Ս.
Պօղոս տաճարին մէջ երգչախումբը կը մասնակցի երեկոյեան ժամերգութեան։