2012-03-09 12:58:12

Քրիստոնեաներու Իւրացուած Եկեղեցիներու Վերադարձի Հարցով՝ ԱՄՆ Ծերակուտականները Կը Պահանջեն Ճնշումներու Ենթարկել Անգարան։


ԱՄՆ ծերակուտականներ Սքոթ Պրաուն, Տայա Ֆէինսդեն եւ Մարք Քըրք դիմած են ԱՄՆ պետական քարտուղարին` պահաջելով ճնշումներու ենթարկել Անգարան, քրիստոնեաներու իւրացուած եկեղեցիներու վերադարձման եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դաւանանքի լիարժէք ազատութեան ընձեռման համար։

Ծերակուտականները Թուրքիոյ կոչ ուղղած են՝ վերադարձնելու բոլոր վիճելի Եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ եկեղեցական գոյքը` դպրոցներ, հիւանդանոցներ, յուշարձաններ, նաեւ շարժական գոյքեր :








All the contents on this site are copyrighted ©.