2012-03-09 12:53:07

Կրօնական Ազատութիւնը Միշտ Աւելի Սահմանափակուած Է Աշխարհի Մէջ։


Համաշխարհային բնակչութեան 70 տոկոսը կ'ապրի երկիրներու մէջ, ուր կրօնական ազատութիւնը օրէօր աւելի կը սահմանափակուի, երեւոյթ մը` որ միշտ աւելի կը ծաւալի, դիտել տուած է Անտոնեան քահանայապետական համալսարանի կողմէ կազմակերպուած ուսումնաժողովին, որուն նիւթը ''կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ''։
''Կապը կրօնքի եւ հանրային հարցերու'' կոչուած ամերիկեան տեղեկագիր մը դիտել տուած է որ աշխարհի վրայ կրօնական ազատութիւնը տարիէ տարի սեղմումներ կը կրէ։ Տեղեկագիրը կը տեղեկացնէ նաեւ որ աճող թշնամութիւն կայ հանդէպ կրօնքի, որ ի յայտ կու գայ ընկերային վարուելակերպին մէջ։ Ներկայ ընկերութեան մէջ, կրօնական հարցերու հետեւանքով, շատերը կը սպաննուին աւելի քաղաքացիներէն քան վարչաձեւերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.