2012-03-09 12:58:23

Գիրքը՝ Հաճելի Եւ Սուղ Նուէր։


Հայաստանի տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Շաբոյեան կառավարութեան գումարած նիստին ընթացքին լուսարձակի տակ առած է Հայաստանի մէջ գիրքերու գիներու սղութեան պարագան։ Հակառակ որ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը 2011-2012 տարիներուն որեւէ տուրք չէ աւելցուցած, իր կարգին նաեւ մշակոյթի նախարարութիւնը աշխատանք տարած է, գրախանութներու տնօրէններու մասնակցութեամբ կազմակերպելով քննարկումներ, եւ առաջարկած՝ որ գիրքերուն գինը չբարձրանայ, սակայն եւ այնպէս անոնց գինը տակաւին բաւական բարձր է։








All the contents on this site are copyrighted ©.