2012-03-09 12:57:26

«Աջակցութիւն Ընտանիքներին» Ծրագիրի Երկրորդ Հանգրուանը Կ՝Իրականանայ։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը Հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր սեղան» հիմնադրամին հետ համագործակցաբար սկսած է իրականացնել «Աջակցութիւն ընտանիքներին» ծրագիրին երկրորդ հանգրուանը։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական բաժանմունքին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, ծրագիրը կը վայելէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի աջակցութիւնը:
Այս ծրագիրին նպատակն է ամրապնդել եկեղեցի-դպրոց-ընտանիք կապը, նպաստել հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներու պահպանման: Ծրագիրին առաջին հանգրուանը արդէն գործադրուած էր 2010-2011 ուսումնական տարուան ընթացքին: Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հայաստանեան թեմերուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն հետ համագործակցաբար, Հայաստան տարբեր մարզերու շուրջ 100 դպրոցներուն մէջ կազմակերպուած են համայնքներու հոգեւոր հովիւներու եւ ծնողներու միջեւ հանդիպումներ։
Ծրագիրի երկրորդ հանգրուանի ծիրին մէջ 5-7 Մարտին Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած է ծրագիրի մասնակից եկեղեցականներու ժողով՝ «Բռնութիւններին հոգեբանական Երեւոյթները» նիւթով։ Ներկայ եղած են հայաստանեան թեմերու 35 քահանայ հայրեր, Կոտայքի եւ Գեղարքունեաց թեմերու առաջնորդները, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան աբեղայ Նաւասարդեան եւ ԵՀԽ Հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր Սեղան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.