2012-03-08 13:32:23

Հանդիսաւոր բացում Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի
Վերակառուցուած Եկեղեցւոյն ի Սէն Շամոն


Շաբաթ ̓ 3 մարտ 2012, կէսօրուայ ժամը 12,30­ին, հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Ֆրանսայի Սէն Շամոն կոչուած գիւղաքաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Լիոնի եւ Սէնթ Էթիէնի միջեւ եւ ուր ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ Հայեր ապաստան գտած են։
Կարդինալ Աղաճանեանի ջանքերով, երկրորդ աշխարհամարտէն ետք՚ հոն կը ժամանէին արդէն հայ կաթողիկէ առաքեալներ, հովուելու համար տեղւոյն ժողովուրդը. Փոքր ժողովրդապետական տան մը մօտ կը կառուցուէր նաեւ մատուռ մը եւ ապա նաեւ կոկիկ սրահ մը, ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային կարիքները հոգալու համար։
Անցեալ տարուընէ արդէն, Ֆրանսայի թեմի բարեջան առաջնորդը՚ Արհի. Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան, ձեռնարկած էր սոյն համալիրը հիմնովին նորոգելու, եւ ահա մեր առջեւ կը բարձրանար հայկական ոճով զանգակատուն մը, որուն ներքեւ միակտուր եւ լայն եկեղեցի մը՚ սիրտը կը բանար հաւատացեալներուն, ճոխացած հայ սուրբերու գունագեղ յախճապակիներով, գործ նշանաւոր արուեստագէտ Խաչիկ Գազանճեանի։
Եկեղեցւոյ յարակից՚ ժողովրդապետի տունը կառուցուած էր արդիական սարքաւորումներով, ինչպէս նաեւ ընդարձակ սրահ մը, կոչուած Կարդինալ Աղաճանեանի անուամբ, որ կու գար պսակելու այս սքանչելի համալիրը, գործ ճարտարապետ Ժագ Սանճեանի։
Ըստ ծրագրուած յայտագրին, նախ հրամցուեցաւ համադամ ճաշ մը բոլոր ներկաներուն անխտիր, ըլլան անոնք եկեղեցական թէ աշխարհական, տեղացի թէ հիւր, ինչպէս նաեւ շրջանի պաշտօնական անձնաւորութիւններ։ Ճաշի աւարտին՚ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Նախագահ Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովին, պարգեւատրեց ճարտարապետ Ժագ Սանճեանը Սուրգ Գրիգոր Մեծի ասպետական շքանշանով, որմէ ետք խօսք առաւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Դեսպան՚ Պր. Վիգէն Ճիտեճեան, դրուատելու համար կատարուած հսկայական գործը։
Յետ միջօրէի ժամը 3 ու կէսին, սկսաւ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, նախագահութեամբ Կարդինալ Սանտրիի եւ Արհի. Կապրոյեանի, ի ներկայութեան Ֆրանսայի մօտ Պապական Առաքելական Նուիրակին եւ զանազան երկիրներէ եկած հայ կաթողիկէ թեմակալներու, Ամերիկայէն, Հայաստանէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն եւ Երուսաղէմէն։ Փարիզի եւ Սէն Շամոնի ժողովրդապետները, Հայր Գէորգ Ասատուրեան եւ Հայր Անդրանիկ Ադամեան, առընթերականերն էին Հանդիսադիր Եպիսկոպոսին։
Երեք անգամ դուռը բախելէ ետք՚ կոչելով ՙԲաց մեզ Տէր՚ Եկեղեցւոյ դռները լայն բացուեցան եւ եկեղեցականներն ու ապա ժողովուրդը մտան ներս, իրենց տեղերը գրաւելու։ Ապա օրհնուեցան եւ օծուեցան եկեղեցւոյ խորանը, ծածկոցները, աշտանակներն ու բաժկամանները Սուրբ Միւռոնով. Խորանը նախապէս լուացուեցաւ գինիով եւ ջուրով։ Ներկայ եպիսկոպոսները մի առ մի օծեցին եկեղեցւոյ վեց սիւները, ինչպէս նաեւ մկրտարանը։
Օծման արարողութենէն ետք՚ սկսաւ հայրապետական սուրբ Պատարագը, որուն կ՛ընկերակցէին ներկայ եպիսկոպոսները, իսկ երգեցողութիւնը կ՛ապահովէր Սէն Շամոնի երգչախումբը, որուն կը զօրակցէին Փարիզէն, Լիոնէն, Առնուվիկէն, Վալանսէն եւ Մարսէյէն եկած երգչախումբի անդամներ, ղեկավարութեամբ Պր. Անթուան Քեշիշեանի։
Աւետարանէն ետքՙ օրուան պատգամը փոխանցեց Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրի, որմէ ետք կարդացուեցաւ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի շնորհաւորագիրը, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
Տրուած ըլլալով որ բոլոր ներկայ ժողովուրդը կարելի չէր բաւեցնել եկեղեցւոյ մէջ, մեծ պաստառ մը դրուած էր Աղաճանեան սրահին մէջ, ուր շատեր կրցան հետեւիլ հոգեպարար արարողութեան։
Սուրբ Պատարագէն ետք, Արհի. Կապրոյեան իր սրտի ջերմ խօսքերն ուղղեց ներկաներուն, ըսելով թէ ահա այսօրուընէ կը յանձնենք տեղւոյն ժողովուրդին այս եկեղեցին ու սրահը, իրենց կը մնայ զայն կենդանացնել ու աշխուժացնել, իրենց ժողովրդապետի առաջնորդութեամբ։
Պատարագէն ետք, Սէն Շամոնի Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան անդամները պատրաստած էին ճոխ ընդունելութիւն մը, ուր ներկաները երկար մնացին եւ ջերմ ողջողններ փոխանակելէ ետք իրարմէ բաժնուեցան երեկոյեան ուշ ժամերուն։
Արարողութիւնը նկարահանուեցաւ Ֆրանս 2 հեռուստատեսիլի կայանի կողմէ։ Իսկ հաղորդագրութիւնը կատարեց Օր. Ժանին Բալուլեան, որմէ թարգմանաբար քաղեցինք հանդիսութեան այս նկարագրականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.