2012-03-07 13:13:19

Քահանայապետական Անուանումներ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անուանած է որպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի անդամ, Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան, Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ Կարտինալ Մարք Ուելլէն, Փարիզի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անտրէ Վէն Թրուայ, Միւնքէն Ունտ ֆրէյզինքի Արքեպիսկոպոսը Րէյնարտ Մարքսը եւ Անտիոքի Մարոնիներու Պատրիարքը գերերջանիկ Պէշարա Պութրոս Րային։

Նորին Սրբութիւնը ապա անուանած է գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրին` եպիսկոպոսներու Ժողովի քարտուղարը նաեւ որպէս Կարտինալական Դասին Քարտուղար։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 6 մարտին Հնդկաստանի Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ նոր թեմ մը հաստատած է գերապայծառ Գուրաիքոզ Պհարանիգուլանկարան անուանելով Թեմի առաջին առաջնորդ եւ անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի Տիտղոս։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ Իտալիոյ եպիսոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն հաստատած է իր պաշտօնին վրայ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.