2012-03-07 12:23:13

ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ։
Հայ Ազգի Մեծագոյն հայրապետներէն.


Սահակ որդին էր մեծն Ներսէս կաթողիկոսին, ուստի եւ թոռան թոռը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի։ Ան ուղարկուած էր Կոստանդնուպոլիս ուսման համար եւ ամուսնացած էր. Սակայն բաղդաւորուեցաւ միայն աղջիկ զաւակով մը, Սահականոյշ, որ պիտի ըլլար մայրը ազգային հերոս` Վարդան Մամիկոնեանի։ Իրմով է որ վերջ կը գտնէ լուսաւորչի ընտանիքը, մանչ զաւակի չգոյութեամբ, եւ ժառանգութիւնը կ՛անցնի Մամիկոնեաններու։
Իր հօր` Ս. Ներսէսի մահուընէ վերջ, կաթողիկոսական գահը բարձրացաւ Ասպուրակէս վանականը, սակայն անոր մահուընէ ետք` Խոսրով Գ. թագաւորը պահանջեց ( ժողովուրդի բուռն խնդրանքին վրայ) որ Սահակ գրաւէ հայրա-պետական աթոռը։ Սակայն տրուած ըլլալով որ այդ շրջանին Հայերը կը գտնուէին պարսկական իշխանութեան ներքեւ, եւ Պարսից թագաւորին առանց լուր տալու եղած էր այս անուանումը. Ուստի Շապուհ պարսիկ թագաւորը վար առնել տուաւ երկուքն ալ, թէ թագաւորը, թէ կաթողիկոսը. Սակայն քիչ ատենէն, ետ վերահաստաատեց Հայրապետը իր աթոռին վրայ, իսկ Խոսրովի տեղ` թագաւորական գահը բարցրացուց անոր եղբայրը` Վռամշապուհ։
Այս ժամանակ է որ հասաւ իր քով Մեսրոպ եւ պարզեց իր ծրագիրը հայկական գրերու մասին պրպտումներ ընելու. Այս ծրագրին մասնակից եղաւ եւ ամէն աջակցութիւն բերաւ նոր թագաւորը` Վռամշապուհ եւ այս երեք անձերու ջանքերով ու աշխատութեամբ հայկական մատենագրութեան ոսկեդարի հիմը դրուեցաւ։ Անոնք բացին վարժարաններ, դաստիարակելու համար հայ պատանին եւ երիտասարդը եւ թարգմանեցին Աստուածաշունչը հայերէնի։
Երբ Պարսկաստանը անցաւ Յազկերտ Ա. թագաւորի իշխանութեան տակ (յետ մահու Շապուհի) հալածանքներ ելան քրիստոնեաներու դէմ, այդ պատճառաւ ալ Սահակ շրջան մը ապաստանեցաւ Կեսարիա. հրաման խնդրեց Թէոդոս կայսրէն կարենալու համար հոնկէ կառավարելու իր ժողովուրդը, իրեն պատուիրակ ուղարկելով Մեսրոպը եւ իր թոռը` Վարդան Մամիկոնեանը։ Կայսրը հրաման տուաւ եւ այդ առթիւ Վարդանը կարգեց հրամանատար բոլոր հայկական գունդերուն։
Երբ Յազկերտի յաջորդեց Վռամ Պարսից թագաւորը, հալածանքները դադրեցան եւ Սահակ կրցաւ վերադառնալ Հայաստան. Վռամշապուհ հայ թագաւորը վախճանած ըլլալով` հայ նախարարներու խնդրանքին վրայ եւ Վռամի հրամանով, գահին վրայ նստեցուց անոր որդին` Արտաշիր։ Յետագային, նոյն նախարարները, դժգոհ Արտաշիրէն, խնդրեցին կաթողիկոսէն որ զայն վար առնել տայ, սակայն Սահակ յանձն չառաւ. Ասոր վրայ հայ նախարարները գանգատներ յայտնեցին ու չարախօսեցին Վռամի առջեւ թէ Արտաշիրի եւ թէ Սահակի մասին. Վռամ երկուքն ալ վար առաւ իրենց իշխանութիւններէն։ Սահակ վերջնականապէս քաշուեցաւ Բագրեւանդ գաւառը, Դուինի մօտ եւ հոն վախճանեցաւ սրբութեան մեծ համբաւով 440 թուին, 90-ամեայ հասակին։
Սահակի կը վերագրուին անշուշտ Աստուածաշունչի շատ մը գրքերու թարգմանութիւնը. Անկէ զատ, ան ունի կանոնական նամակ մը ուղղուած բոլոր Հայ Եկեղեցւոյ, բաժնուած վեց գլուխներու, որոնց նիւթը կը վերաբերի գլխաւո-րաբար եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ կրօնաւորներու։
Իրեն կը վերագրուին նաեւ չորս քարոզներ եւ աղօթքներ գիշերային ժամեր-գութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Աւագ Շաբթուայ ընթացքին երգուած շարականները։ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի գրութիւնները ունին պարզ ու մաքուր լեզու, բանաստեղծական հանճար, ամփոփուած գեղեցիկ իմաստներով։
Կը փակենք Սուրբ Սահակի մասին տեղեկութիւնները, տալով վկայութիւնը մեր Պատմահայր Մովսէս Խորենացիին, որ կ՛ըսէ ի մէջ այլոց. Մահկանացու ծնեալ, անմահ զիւրն յիշատակ եթող այսինքն` ծնունդով մահականացու, ան թողուց անմահ յիշատակ մը։ Այդ Յիշատակը տակաւին կայ Հայոց մօտ եւ Յաւիտեան պիտի մնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.