2012-03-07 13:10:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Զորեքշաբթի 7 մարտ 2012 առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց Հրապարակային ունկնդրութիւն։
Ունկնդրութեան ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերը առաջնորդութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին։ Ունկնդրութեան ներկայ էր նաեւ Գերմանիոյ ֆինանսի Նախարար Տիար Ուուլֆանկ Շոպլ եւ անոր ընկերացող շքախումբը որոնք ունկնդրութեան աւարտին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Հօր ներկայացուցին Վատիկանի Պետութեան հետ միասին արտադրուած Րաֆֆաէլլոյի Սիքստինեան Տիրամօր 500 ամեակի առթիւ տպաքրուած դրոշմաթուղթը։

Ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Լռութեան կարեւորութեան վրայ։
Գողգոթայի խաչը ցոյց կու տայ Յիսուսի լռութիւնը որպէս վերջին խօսք ուղղուած Հօր եւ կը յայտնէ թէ Աստուած կը խօսի նաեւ լռութեան միջոցաւ։ Ներքին ու արտագին լռութիւնը հարկաւոր է ունկնդրելու համար Աստուծոյ Խօսքը։ Մեր առանձնական աղօթքները եւ մեր ծիսակատարութիւնները լռութեան պահերով հարուստ ըլլալու են։ Մեր կեանքի ընթացքին մենք կ՛ապրինք լռութեան փորձառութիւնը։ Յոբ նահապետի փորձառութիւնը այս ուղղութեամբ շատ յատկանշական է։ Ան ամէն ինչ կորսնցուց։ Ինքզինք լքուած զգաց սակայն հաստատ պահպանեց իր հաւատքը հասկացաւ լռութեան արժէքը։ Աստուած մեզ կը սիրէ։Ասով պէտք ենք բաւականանալ։
Սիրելի Բարեկամներ աղօթքի իրողութիւնը մեզի յայտնուեցաւ մարդացած Բանին միջոցաւ որ մեզի կը սորվեցնէ աղօթքի իսկական պարունակութիւնը եւ իմաստը <<Սրտի մաքրութիւն, Աստուծոյ արքայութեան փնտռտուք, թշնամիներու ներում, որդիական վստահութիւն>>։ Յիսուս այն բարեկամն է եւ այն դաստիարակը որ մեզի կ՛օգնէ կատարելու ամէն օր Հօր Աստուծոյ Կամքը։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ Քառասնորդաց շրջանի ուղեւորութիւնը ձեզ` սիրելի երիտասարդներ, առաջնորդէ Քրիստոսի հանդէպ ունենալու հաւաքտի հասունութիւն, ձեր մէջ սիրելի հիւանդներ աճեցնէ Անոր հանդէպ յոյսը ու ձեզ սիրելի նորապսակեալներ օգնէ ձեր ընտանեկան կեանքը դարձնելու սիրոյ հաւատարիմ եւ առատաձեռն առաքելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.