2012-03-07 13:34:20

Հայ Երիտասարդը Որ Ամերիկայի Մօտ Մեսսիքօն Կը Ներկայացնէ ։Դեսպան Արթուրօ Սարուխանեան՝ Ֆրեզնոյի Մէջ։


Հայազգի Արթուրօ Սարուխանեան, որ Ամերիկայի մօտ Մեքսսիքոյի ընդհանուր դեսպանն է, Ֆրեզնօ այցելութեան առիթով, փափաքած է տեսնուիլ եւ ծանօթանալ հայ համայնքի զաւակներուն հետ:
Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան նամակով հրաւիրած է շրջանի միութիւններուն վարչական անդամներն ու բարեկամները,անոնց յայտնելով հայազգի դեսպանին փափաքը:
Փետրուար 16ին՝ Վարդանանցի օրը, Ֆաուլըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կողքին գտնուող սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթացման սոյն հանդիպումը՝ ներկայութեամբ աւելի քան 100 մասնակիցներու:
Սրահ մուտքին՝ ծափերով դիմաւորուեցան մեծարգոյ հիւրն ու Ֆրեզնոյի մօտ Մեքսսիքոյի հիւպատոսարանի անձնակազմի անդամները: Դեսպան Սարուխանեան ուրախ ժպիտով ներկաներուն հետ ձեռնուեցաւ, ապա Պարլօ Տէր Մկրտիչեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ դեսպանի կենսագրութեան, անոր աշխատանքին եւ ընտանեկան պարագաներուն, ու խօսքը փոխանցեց հիւրին:
Իր կարգին Դեսպան Սարուխանեան իր ուրախութիւնը յայտնեց որ կը գտնուի իր արմատներուն մօտիկ բարեկամներուն մէջ եւ ինքզինք հարազատ կը զգայ, ապա մանրամասնութիւններ փոխանցեց իր ընտանիքին Մեսսիքա փոխադրութեան եւ Մեսսիքոյի մէջ հայ ընտանիքներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին:
Հպարտանքի ալիք մը պատած է ներկաները, ուստի Հայ երիտասարդ մը՝ Ամերիկայի մէջ Մեսսիքօն կը ներկայացնէր:








All the contents on this site are copyrighted ©.