2012-03-07 13:02:04

Զուիցերիոյ Գուար Թեմի Առաջնորդին Հովուական Թուղթը 2012ի Քառասնորդացին Առթիւ։


Գերապայծառ Հոնտեր այդ թուղթով կը վերակոչէ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ամուսնութեան անլուծելիութեան մասին։
Այս հովուական թուղթով Գուարի թեմի առաջնորդը կը շօշափէ ամունութեան խորհուրդին իմաստը եւ ապահարզանի պարագային հետեւանքները հաւատացեալին համար։ Նկատի ունենալով պսակեալներու ապահարզանի բարձր թիւը եպիսկոպոսը կը հարցադրէ ամուսնութեան խորհուրդի պատրաստութեան մասին, ընդգծելով ամուսնութեան անլուծելիութեան խորին նշանակութիւնը Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ համար։ Ան ցաւով կը գրէ որ ամէն պսակալուծում մարդկային ողբերգութիւն մըն է, մատնանշելով որ ամէն ամուսնալուծուած, որ առանձին կ'ապրի ''վկայութիւն կու տայ ամուսնութեան անլուծելիութեան մեծ արժէքին''։ Առաջնորդը իր հովուական թուղթին մէջ կը հրաւիրէ այն ամուսնալուծուածները, որոնք քաղաքացիական վերամուսնութիւն կատարած են, դարձեալ խարսխուիլ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.